Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Իլիաս Ապու Սաապի, Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Աննա Շահնազարեանի գործերու ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը:
Ցուցասրահին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Կրէյս Լոճիքեան: