Շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին Համազգայինի թատերական դպրոց այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, բեմադրիչ` Ռուբէն Բաբայեան, որ հրաւիրուած էր Համազգայնի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կողմէ` Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով:
Ռուբէն Բաբայեանի կ՛ուղեկցէին «Գ. Իփէկեան»-ի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Վարդան Ազնաւորեան:
«Արեգ»-ի գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց հայրենի արուեստագէտը, ապա Ռուբէն Բաբայեան վարպետաց դաս անցուց «Արեգ»-ի աշակերտներուն հետ: «Մարդը աւելի հզօր է, քան պետութիւնը, որովհետեւ Աստուած ստեղծած է մարդը, իսկ մարդը` պետութիւնը, հետեւաբար ձեր հնարաւորութիւնները անսահման ըլլալով` պետութիւններէ եւ կայսրութիւններէ աւելի ուժեղ էք…»,- ըսաւ ան: