
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մշակոյթի բաժինին, Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի տաղանդաւոր գեղանկարիչներ Աղասի եւ Արտաւազդ Թալալեաններու ցուցահանդէսին:
Ձեռնարկի բացման իր ողջոյնի խօսքին մէջ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորէ Հայաստանի դեսպանատան մշակութային բաժանմունքը, «ինչ որ պատահական չէ»: Հաւաթեան այս առիթով անդրադարձաւ Երեւանի մէջ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի 10-ամեակի հանդիսութեան` թուելով անցնող տասնամեակին նշեալ ցուցասրահի հիւրընկալած հայրենի թէ սփիւռքահայ մօտաւորապէս 75 արուեստագէտները, որոնք իրենց գործերով իրենց դրոշմը դրած են տասնամեայ այս ցուցասրահին մէջ: «Այսօր մենք կը հիւրընկալենք մեր սիրելի Թալալեան եղբայրները, որոնք իրենց արուեստանոցին մէջ ստեղծած են իրենց «աշխարհը»` ինչպէս անոնց այսօրուան ցուցահանդէսին նիւթն է «Իմ Աշխարհը»:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: