
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Աշոտ Յարութիւնեանի գեղանկարներու անհատական ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 22 իւղաներկ պաստառներ, 9 «միքստ միտիա» թուղթի վրայ եւ 2 տախտակ դուռեր` վրան գծագրուած:
«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ արուեստը կատարեալին ձգտումը ունենալով հանդերձ, ունի յաջողութեան գերագոյն գաղտնիք մը, որուն հաւատարիմ մնալը դժուար ճիգ ու կամք կ՛ենթադրէ, բայց այդ գաղտնիքը նուաճելու համար մարդ պէտք է ըլլայ հանճարեղ ու ինքնավստահ: Ան յայտնեց, որ գեղանկարչութեան մարզին մէջ այդ գաղտնիքը պարզութիւնն ու անկեղծութիւնն է, որ առիթ կու տայ արուեստագէտին ներթափանցելու մարդկային ու բնութեան աշխարհին խորքը` վերծանելու հարազատը եւ թափանցելու մեր էութեան մէջ:
Տաղլեան ըսաւ, թէ Աշոտ Յարութիւնեան սնած ու կազմաւորուած է հայոց աշխարհի հարստութիւններով: Ան իրեն հետ բերած է հայրենի հարազատ հողին բոյրը, հայկական գիւղի թէկուզ հեռաւոր, բայց ապրող ու կենսաշող մթնոլորտը: Ան կը ներկայացնէ հայկական գիւղի լռութիւնն ու ջինջ երկինքը, մեզի կը ներկայացնէ նաեւ մեր գրաւեալ հողերու երազը` զայն փորագրելով մեր սրտերուն մէջ: