
Հովանաւորութեամբ Կարօ եւ Ռիթա Սալխանեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 14 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Յաղթանակ Շահումեանի (Յաղթօ) «Ցնորք եւ իրականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ արուեստասէր բազմութեան:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ողջունելէ ետք ներկաները, պատիւ նկատեց ցուցասրահին մէջ հիւրընկալել հայրենի վաստակաւոր ժողովրդական արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեանը: Ան նկատել տուաւ, որ Շահումեանի համար արուեստը ամբողջական ապրում է, կեանք է, նաեւ այդ ճամբով իր պայքարն է յանուն արդարութեան, գեղեցիկին, վսեմին եւ բարձրին: «Կարելի չէ Շահումեանի արուեստը եւ իր մտաւորական յատկութիւնները տարանջատել իրարմէ, որովհետեւ ինք արուեստագէտի իր տաղանդին կողքին, նաեւ տագնապող մտաւորական է համամարդկային եւ մանաւանդ ազգային հիմնախնդիրներով», ըսաւ Հաւաթեան` աւելցնելով, որ ատիկա Շահումեանի արուեստին նոր թռիչք տուած է, եւ մենք պատեհութիւնը ունեցանք իր պրիսմակէն բաժին մը ցուցադրելու, սակայն եթէ այցելենք իր արհեստանոցը, այդտեղ պիտի գտնենք զանազան ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՛արծարծեն Հայոց ցեղասպանութեան, անկախութեան, պետականութեան եւ պայքարի նիւթերը: Հաւաթեան յաջողութիւն մաղթեց արուեստագէտին, որովհետեւ անոր յաջողութեամբ մեր մշակոյթը պանծալի կը դառնայ: «Վստահ ենք, որ իր արծարծած մտահոգութիւնները այսօրուան մշակութային բնագաւառի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն գծով, իրենց արձագանգը կ՛ունենան մօտիկ ապագային, եւ մեր մշակոյթը առաւել եւս կը դառնայ ուշադրութեան եւ հոգածութեան կեդրոն մեր պետականութեան եւ մեր համահայկական միջավայրին կողմէ», հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: