
Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, նախագահութեամբ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ գործակցութեամբ Հայ կերպարուեստի հիմնադրամին, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հաւաքական ցուցահանդէսի բացում` մասնակցութեամբ հայրենի վաստակաւոր եւ մրցանակակիր 48 արուեստագէտներու:
Ներկայացուած էին 120 արուեստի գործեր` գեղանկարներ, կրաֆիք գործեր եւ քանդակներ: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն իւրայատուկ ցուցահանդէսին կազմակերպումով կը սկսի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի 10-ամեակը: Ան նկատել տուաւ, որ ցուցադրուած գործերը բոլորը զտուելէ ետք հասած են Լիբանան եւ կը վայելեն Հայ կերպարուեստի հիմնադրամի նախագահ, ակադեմիկոս փրոֆ. Խաչիկ Աբրահամեանի ամբողջական հսկողութիւնն ու գնահատանքը: Ան վստահեցուց, որ իրենք սոյն ցուցահանդէսին կազմակերպումով յաւելեալ քայլ մը կ՛առնեն Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման առումով, յատկապէս գեղանկարչական մարզին մէջ` փափաք յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ մշակոյթի բնագաւառը ունենայ յաւելեալ գուրգուրանք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր ճառագայթումը գտած է մշակոյթին ճամբով:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: