
Կեդրոնականի վերջին տասնամեակներուն գրեթէ աւանդականացած մշակութային ձեռնարկներու շարքին այս տարուան օղակն է «հայ դպրոցը»։
Անցեալը վերյիշել եւ վերըմբռնել կարեւորութիւնը…
Ահա ելակէտը «Հայ Դպրոցը՝ Անցեալէն Դէպի Այսօր» ծրագրին, որուն ձեռնարկած են Կեդրոնականի տնօրէնութիւնը եւ հայերէնի ուսուցչաց կազմը, ձօնելով զայն վարժարանի 130-ամեակին, որ իբրեւ արդիւնք Զարթօնքի, հիմնուած էր՝ ուսուցիչ եւ մտաւորական պատրաստելու նպատակով, Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի, շրջանի մտաւորականութեան ու բարերարներու միասնական ջանքերով...։
«Հայ Դպրոցը՝ Անցեալէն Դէպի Այսօր» համեստ ծրագրով հայերէնի ուսուցիչներ կը ջանան յատկապէս թղթատել մեր անհետացած գաւառի կրթական կեանքէն քանի մը էջեր միմիայն, այս առթիւ կը հրատարակուի նաեւ գրքոյկ մը քիչ մը եւս ընդլայնած բովանդակութեամբ. որ կը նպատակադրէ յիշատակելի դարձնել համանուն հանդիսութիւնը, առանց յաւակնելու Հայ Դպրոցը իր ամբողջական գիծերով ներկայացուցած ըլլալու:
Սոյն հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 Մայիս Շաբաթ, ժամը՝ 18:00-ին Հարպիյէ Քէնթէր Թատրոնի մէջ: Ձեռնարկը պիտի կրկնուի 23 Մայիս երեքշաբթի, ժամը՝ 20:30-ին Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ սրահին մէջ:
2 Մայիս, 2017
Տնօրէնութիւն
Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի