Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան Երիտասարդական Յանձնախումբը հաղորդակից ըլլալով մեր գաղութին մշակութային անցուդարձին ու յանձնառու՝ զայն աւելի արդիականացնելու եւ ոճաւորելու, առաջադրանքը ունի՝ հայ երիտասարդ եւ մշակոյթ կապը ամրագրելու ու փոխադարձաբար հունաւորելու:
Յանձնախումբին կազմակերպած յաջորդ հանդիպումը պիտի ընդգրկէ հայ ինքնութեան հարցը հայ մշակոյթի ենաթահողէն մեկնած, նկատի առած հետեւեալ բաժինները.-
1- Մշակոյթը իբրեւ ինքնութեան ազդակ.
2- Հայ ինքնութեան արդի հասկացողութիւնը հայ մշակոյթով.
3 -Հայ ինքնութեան ապագայ հաւանական զարգացումները.
Սոյն հաղորդագրութիւնը համարել հրաւէր քոյր մշակութային միութիւններուն եւ հայ երիտասարդութեան՝ ներկայ ըլլալու հանդիպումին:
Հայ երիտասարդը եւ հայ մշակոյթը
Համազգայինի նորակազմ երիտասարդական յանձնախումբը իր առաջին հաւաք-զրոյցը յատկացուց հայ երիտասարդը եւ հայ մշակոյթը նիւթին, նոյնինքն այդ նիւթը համարելով իր համապարփակ ու այլազան ճիւղաւորումներով, յանձնախումբի գործունէութեան ուղեգիծ:
Հանդիպումը կայացաւ համազգայնական խումբ մը երիտասարդներու հետ, Կիրակի, 10 Փետրուար 2008-ին, «Լ. Շանթ» սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ուր նախ ցուցադրուեցաւ կարճ վիտէօ-երիզ մը հայ մշակոյթը խորհըրդանշող տարբեր բնագաւառներէն ծաղկաքաղով (երգ, պար, թատրոն, առօրեայ դրսեւորումներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն եւայլն), ետքը զրուցավարներ՝ Լիզա Շիրինեան - Քէշիշեան եւ Տիգրան Գաբոյեան պարբերաբար ուրուագծեցին հայ մշակոյթի ներկայ հասկացողութիւնը թէ° Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ, շահեկանօրէն առնչելով զայն հայ երիտասարդութեան ներկայ իրավիճակին հետ:
Ի՞նչ կը ներկայացնէ հայ մշակոյթը իր արդի խմորումներով.
Ի՞նչ զարգացումներ կրնայ ապրիլ ան.
Ի՞նչ թերացումներ ունի.
Ո՞ւր կը գտնուի հայ երիտասարդութեան յանձնառարութիւնն ու նուազագոյն կապուածութիւնը հայ մշակոյթին հետ համաշխարհայնացման այս դարուն.
Ի՞նչ եղանակերով տեղի կ°ունենայ.
Ո՞վ կը մշակէ մշակոյթը.
Ի՞նչպէս կրնանք աւելիով զայն արդիականացնել ու աւելիով ներկայացնել զայն աշխարհին, միշտ ի մտի ունենալով մեր մշակութային զարգացման անհրաժեշտութիւնը ինքնութեան դիտանկիւնէն:
Այս բոլոր հարցերուն անդրադարձան զրուցավարները: Լիզա Շիրինեան-Քէշիշեան ներկայացուց Հայաստանեան իրականութիւնները ու այնտեղ կատարուող փոփոխութիւնները, իսկ Տիգրան Գաբոյեան՝ ծանրացաւ հայ մշակոյթի սփիւռքեան իրավիճակին վրայ, զայն դիտելով համազգային զարգացումներու տեսադաշտէն:
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ հայ մշակոյթի նորարարութիւնը միաժամանակ առաւելագոյն ընդգրկումը հայ երրիտասարդութեան մեր մշակոյթին մէջ: Ներկաներուն հետ կարծիքներու փոխանակման ընթացքին, կարգ մը խօսք առնողներ շեշտը դրին նոր սերունդի արդի դաստիարակութեան վրայ, ուրիշներ դժգոհութիւններ յայտնեցին մեր մշակոյթին անհասանելիութենէն:
Անաւարտ չհամարելով այս առաջին հանդիպումը եւ ըստ տրամաբանական շարունակականութեան, երիտասարդական յանձնախումբի յառաջիկայ գործունէութեան մասին սեղմ յայտարարութիւններ տեղի ունեցան (տեսնել ներգոյ հաղորդագրութիւնը յաջորդ ձեռնարկին շուրջ):
Նպատակ ունենալով հայ մշակութային զարգացումն ու արդիականցումը (նուազագոյնը գաղութային մեր պայմաններուն մէջ), յանձնախումբը ներկաներուն հետ առնչակից ըլլալով, աւելիով համոզուած է workshop-երու, արդի ոճաբանութեամբ ձեռնարկներու,եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու կատարման: