Հայրենի վաստակաշատ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հայ թատրոնի ամսուան» ներկայացումները տեղի ունեցան 1-էն 3 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ։
Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2011-ին, տեղի ունեցաւ առաջին ներկայացումը՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Փրկութեան կղզի» թատերախաղը` կատարողութեամբ Լիբանան ժամանած Համազգային պետական թատրոնին եւ բեմադրութեամբ Նիքոլայ Ծատուրեանին: Սարոյեանի «Ոստրէն ու մարգարիտը» ստեղծագործութեան վրայ հիմնուած «Փրկութեան կղզի»ն կը ներկայացնէ Օքէյ Պայ Տը Սի կոչուած քաղաքին մարդիկը, որոնք պարզ են, կ’ապրին նիւթական համեստ պայմաններու մէջ եւ հիմնականը` ունին երազելու իւրայատուկ կարողութիւն մը, որ իրենց կու տայ կորով` շարունակելու իրենց կեանքը:
Ներկայացումը հիմնականին մէջ տեղի կ’ունենայ Պաթալ Էլիայի (Դաւիթ Յակոբեան) վարսայարդարման այսպէս կոչուած համեստ վայրին մէջ, ուր առկայ են վարսայարդարի մը նուազագոյն իրերը միայն: Հոն է, որ Քլէյ Լարրաբին (Տաթեւիկ Ղազարեան) եւ իր հայրը` Քլարկը (Վարշամ Գէորգեան) կ՚երթան Պաթալին մօտ, երբ Քլէյ կը դժգոհի, որ իր հայրը նիւթական պատճառներով տունէն հեռացած է, մինչ հայրը Պաթալին ճամբով կ՚ուզէ չնչին գումար մը հասցնել իր բազմանդամ ընտանիքին:
Այդտեղ ամբոխին կը միանայ ուսուցչուհի Վիվիան Մըք Քեչիընը (Ալլա Սահակեան), որ եկած է ու անորոշ վիճակի մէջ է` մնա՞յ, թէ չմնայ քաղաքին մէջ, մինչ իր գեղեցկութիւնը կ՚արժանանայ բոլորին ուշադրութեան: Այս բոլոր իրադրութիւններուն մէջ երբ գրողը (Կարէն Ջանիբէկեան) կ’անցնէր քաղաքին մօտէն, կը հանդիպի Պաթալին: Այդտեղ Գրողը` իբրեւ հայ, եւ Պաթալը` իբրեւ ծնունդով ասորի, կը գտնեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապեր, մինչ հայը կը շեշտէ, թէ հայերը ունին երկիր…
Երբ Քլէյ կը գտնէ ոստր մը, ցոյց կու տայ բոլորին եւ կը շեշտէ, որ մէջը մարգարիտ մը կայ: Ոսկերիչ Ուոզզեքին (Վանիկ Մկրտչեան) հսկողութեամբ կը փորձեն զայն բանալ… երբ յանկարծ Գրողը ինք Քլէյէն նիւթական մեծ գումարով կը գնէ ոստրը, որպէսզի չսպաննէ Քլէյին երազը, եւ որպէսզի օգտակար դառնայ իր ընտանիքին ու հայրը վերադառնայ տուն: Թատրոնին մէջ դատաւոր Էփլգարդը (Արման Նաւասարդեան) շարունակ «ոստրեր»ու փնտռտուքի մէջ է, որպէսզի ինք եւս բան մը գտնէ, մինչ Մայքըլը (Կարապետ Բալեան) Գրողին ինքնաշարժը կը նորոգէ: Ներկայացման մէջ այլ դերեր նաեւ ունէին Մհեր Բուդուրեան, Արթիւր Տիգրանեան եւ Տիգրան Բարսեղեանը:
Այս ներկայացումին ընդմէջէն «Փրկութեան կղզի»ին մէջ բեմադրիչ Նիքոլայ Ծատուրեանն ու դերասանները, Սարոյեանի ստեղծագործութեան ընդմէջէն, բարձրորակ կատարումով կրցած էին շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին հանդիսատեսը տանիլ Օքէյ Պայ Տը Սի քաղաքը` ցոյց տալով համեստ պայմաններու մէջ մարդոց երջանիկ ըլլալու ընկալումները, մինչ անցորդ Գրողը իր նիւթական օժանդակութեամբ վերադարձուցած էր ընտանիքի մը ժպիտը, երբ այդտեղ նիւթեղէնը դարձած էր ընտանիքին վերամիաւորման միակ ազդակը:
Շաբաթ, 2 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Ռոպեր Լամուրէի «Ա՜խ կանայք, կանա՜յք» թատերախաղին ներկայացումը` բեմադրութեամբ Վիգէն Ստեփանեանի: Ներկայացումին մէջ կնամոլ Ժերմեն Վինիոն ունի չորս սիրուհիներ, որոնց հետ ընկերութիւն մշակած է: Այդ բարդ կացութեան մէջ յանկարծ կը հանդիպի իր սիրուհիներէն մէկուն ամուսինին, որ կը պահանջէ հեռու մնալ իր կնոջմէն, այլապէս` ատրճանակով զինք պիտի սպաննէ…
Այս կացութեան մէջ Ժերմեն չի գիտնար, թէ այդ մարդը իր ո՛ր սիրուհիին ամուսինն էր, եւ ուստի, կ’որոշէ լքել բոլորը, որպէսզի փրկէ իր կեանքը եւ հեռու մնայ խնդիրներէն: Իր սիրուհիներէն հեռանալէ ետք, նոյն ամուսինը ներողութիւն կը խնդրէ, որովհետեւ իր կնոջ սիրուհին ինք չէր: Նշեալ կացութեան աւարտին, Ժերմեն անսպասելիօրէն կը սիրահարի իր տան տնտեսուհիին, որուն հմայքը անցեալին չէր նկատած:
Այս ծիծաղելի, արկածախնդրական եւ սիրային թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած էին Գագիկ Մադոյեան, Նարինէ Գրիգորեան, Արման Նաւասարդեան, Կարապետ Բալեան, Ալլա Սահակեան, Տաթեւիկ Ղազարեան, Արմինէ Անդրէասեան եւ Կարէն Խաչատրեան:
Կիրակի, 3 Ապրիլի երեկոյեան ներկայացուեցաւ Էտուարտօ Տը Ֆիլլիփոյի «Ծննդեան տօները սինիոր Կուպելլոյի տանը» թատերախաղը, որ բեմադրուած էր վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Սօս Սարգսեանին կողմէ:
Ծննդեան տօնակատարութեան օրը սինիոր Կուպելլոյի աղքատիկ տան մէջ համեստ ու պարզ պայմաններու մէջ համախմբուած են ընտանիքներուն բոլոր անդամները, որոնց մօտ գոյութիւն ունի ջերմ եւ ընտանեկան հաճելի մթնոլորտ մը: Դուստրը` Նինուչան բոլորին կը տեղեկացնէ, որ ինք իր ամուսինին հետ հարցեր ունի, որովհետեւ ան ուրիշին հետ ընկերութեան մէջ է, բայց ցաւալի իրողութիւնը այն կ’ըլլայ, որ յանկարծ տուն կը մտնէ նոյնինքն կնկան սիրականը, ինչ որ սկիզբ կու տայ նոր թիւրիմացութիւններու ու իրարանցումներու: Սիրականը իր սիրուհիին եղբօր բարեկամը ըլլալու պիտակումով կը մնայ տան մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան պատահական ցաւալի դէպքեր, որոնց պատճառով տան հայրը մահուան սեմին իր աղջկան ու սիրականին կը խրատէ մինչեւ մահ միասին մնալ, քանի որ զոյգը ծնած է միասին ապրելու համար…
Թատերախաղին մէջ դերեր ունէին Վանիկ Մկրտչեան, Նարինէ Գրիգորեան, Գագիկ Մադոյեան, Տաթեւիկ Ղազարեան, Ալլա Սահակեան, Անդրանիկ Էթեմեզեան, Կարէն Խաչատրեան, Վարշամ Գէորգեան, Արմինէ Պօղոսեան եւ Կորիւն Բուդուրեան:
Ուրախ, ծիծաղելի եւ երբեմն ալ ողբերգական մթնոլորտի մէջ Սօս Սարգսեանի բեմադրած գեղեցիկ, որակաւոր ու տպաւորիչ թատերախաղը հանդիսատեսին փոխանցեց բարոյախօսական պատգամներ` կառչած մնալու մարդկային արժէքներուն:
Ներկայացումին աւարտին տեղի ունեցաւ Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան թատերական միաւորի ներկայացուցիչներ Սիլվա Քիւրքճեանի ու Սեպուհ Մանճեանի միջեւ յուշանուէրներու փոխանակում: Ապա խօսք առաւ Վարդան Մկրտչեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին, որոնք հաւաքաբար կրցան յաջողութեամբ կազմակերպել այս ներկայացումները: Խօսելով Լիբանանի Համազգայինի աշխատելաոճին մասին` Վարդան Մկրտչեան հաստատեց, որ միութիւնը հզօր կազմակերպուածութիւն ունի, ինչ որ արդէն բացայայտուած է ներկայացումներէն առաջ ու ներկայացումներուն ընթացքին տարուող ծրագրաւորուած աշխատանքներուն ընթացքին:
Նշենք, որ հայրենի թատերախումբին անդամները Լիբանան կեցութեան մէկ շաբթուան ընթացքին եղան ընթրիքի հիւրերը Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Տիկ. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Կոմիտաս Մասնաճիւղին, Աղբալեան Մասնաճիւղին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան։