Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի տօնակատարութիւններու մեկնարկը տրուեցաւ ուրբաթ 17 մարտ 2023-ին, Պէյրութի մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած յոբելենական հանդիսութեամբ, որուն ընթացքին տարիներու ընկալուած աւանդութեան համաձայն պարգեւատրուեցան հայ կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտի երախտաւորները։
Համազգայինի 95-ամեակի առիթով եւ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով «Համազգայինի շքանշան»ով պարգեւատրուեցան՝ լիբանանահայ հանրային, գրական եւ լրագրական ասպարէզներուն մէջ մեծ վաստակ եւ երկարամեայ մշակութային գործունէութիւն ունեցած Սանդուխտ Պերթիզլեան՝ Շահանդուխտ, հանրային, կրթական, մշակութային եւ գրական ասպարէզներու մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի ու յատկապէս երաժշտութեան կատարման, տարածման եւ ուսուցման գործին մէջ երկարամեայ ներդրում ունեցած՝ Արմէն Ճէնտէրճեան, Սփիւռքի մէջ հայ երաժշտութեան կատարման, ծանօթացման եւ տարածման գործին մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած դոկտ. Էդուարտ Թորիկեան:
Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, 17 մարտի կէսօրին այցելեցին Շահանդուխտի բնակարանը, ուր կատարեցին անոր պարգեւատրումը։ Այս առիթով Շահանդուխտ իր ուրախութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով Համազգայինի, մաղթեց որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ շարունակեն իր սկսած գործը։
Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով պարգեւատրումներ պիտի կատարուին տարբեր շրջաններու մէջ։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւն
Պէյրութ, 17 մարտ 2023