Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան, Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մտաւորականութիւնը այսօր՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու լոյսին տակ» նիւթով զեկուցական երեկոն, զոր ներկայացուց հայրենի մտաւորական, արձակագիր, թարգմանիչ, բեմագիր եւ մշակութային-հասարակական •ործիչ Ռուբէն Յովսէփեան: Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ, մարմիններու ներկայացուցիչներ, համազգայնականներ եւ արուեստասէրներ:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ սոյն հանդիսութիւնը լաւագոյն առիթն է մօտէն ծանօթանալու հայրենի մտաւորականի գաղափարներուն եւ կեցուածքներուն: Կիրակոսեան հաստատեց, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ հայութիւնը մեծ զգուշութեամբ պէտք է առնէ իր քայլերը, որպէսզի կարենայ դիմակալել առկայ մարտահրաւէրները:
Ապա ներկաները դիտեցին Ռուբէն Յովսէփեանի բեմագրութեամբ պատրաստուած «Ապրիլ» ժապաւէնը, որ կþանդրադառնայ հայութեան ունեցած ապրելու կամքին եւ վճռակամութեան:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք բեմ բարձրացաւ Ռ. Յովսէփեան, որ շեշտեց, թէ հայ մտաւորականութիւնը հայրենիքի մէջ համապատասխան արժեւորման կարիք ունի, ինչ որ այսօր գոյութիւն չունի: Ան ըսաւ, թէ մտաւորականութիւնը ազգային ժառանգութիւնը փոխանցելու պատասխանատուութիւնը ունի, եւ այս առնչութեամբ պետութիւնը եւս մեծ դերակատարութիւն ունի: Յովսէփեան յայտնեց, որ սերունդէ-սերունդ արժէքներու փոխանցումը բնականոն ընթացք չունեցաւ, եւ այս ծիրին մէջ ընդհատումները իրենց ժխտական անդրադարձները ունեցան:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ Ռուբէն Յովսէփեան նշեց, թէ հիմնական թերութիւնը այն էր, որ այդտեղ ամէն ինչ խառնուած է, երեւոյթ մը, որ Թուրքիոյ խորամանկութեան հետեւանքն էր եւ կամ ալ մեծ պետութիւններու ցանկութիւնը: Ան հաստատեց, թէ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն բովանդակութիւնը թոյլ կու տայ, որ այդ փաստաթուղթերուն յօդուածները բազմատեսակ մեկնաբանութիւններու առարկայ դառնան:
Ռուբէն Յովսէփեան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման հարցին գծով հայութիւնը չկրցաւ խնդիրը պետականօրէն գործածել՝ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու համար, որ իրողութիւնը միջազգային օրէնքներուն չի համապատասխաներ եւ ենթակայ պետութիւնը միջազգայնօրէն պէտք է ենթարկուի պատիժի: Ան աւելցուց, որ այս բոլոր իրադրութիւններուն դէմ յանդիման Թուրքիոյ իշխանութիւնները սահմաններու բացման հարցը «ծախեցին» իբրեւ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն, ինչ որ անընդունելի է:
Ան հաստատեց, թէ սփիւռքահայութեան բողոքի արշաւը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է, եւ ճիշդ չէ հակառակ կարծիքը: Յովսէփեան ըսաւ, թէ սփիւռքեան շրջագայութենէն ետք Հայաստանի նախագահի ուղերձին մէջ ակներեւ էին փոփոխութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահը բողոքի մթնոլորտը դրական իմաստով գործածէ՝ գտնելու համար հարցին հայանպաստ լուծումները: Հայրենի մտաւորականը շեշտեց, թէ հասարակութեան կարծիքը շատ ուժեղ է եւ կրնայ ազդել իշխանութեան վրայ:
Ռուբէն Յովսէփեան նշեց, որ հայութեան մէջ ճեղքեր յառաջացնելու թուրքերուն ցանկութիւնները պէտք չէ իրականանան, եւ այս առնչութեամբ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ խլրտումներ յառաջացնելու աշխատանքները վտանգաւոր են, քանի որ յառաջիկայ օրերը կրնան առաւել եւս դժուար ըլլալ:
Զեկուցումէն ետք Յովսէփեան պատասխանելով ներկաներուն հարցումներուն խօսեցաւ հայրենի մտաւորականներու կեցուածքներուն մասին՝ շեշտելով, որ իշխանամէտ ուժերուն կեցուածքները պաշտպանողները չեն կրնար գաղափարական եւ տրամաբանական կերպով հիմնաւորել իրենց կարծիքները: Ան ըսաւ, թէ «Երկիր Մետիա»ն իր դռները բացած է բոլորին առջեւ, որպէսզի մտաւորականները ունենան ազատ բեմ մը, ինչ որ պատկերասփիւռի այլ կայաններու մօտ գոյութիւն չունի:
Զեկուցաբերը հարցումներուն ընդմէջէն նաեւ անդրադարձաւ մտաւորականութեան նկատմամբ որդեգրուած պետական քաղաքականութեան, Հայաստանի ընդդիմութեան կատարած աշխատանքներուն եւ ստանձնելիք կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան - Թուրքիա եւ արձանագրութիւններուն շրջագիծին մէջ հայութեան յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն: Իր խօսքի աւարտին Ռուբէն Յովսէփեան շեշտեց, որ հայութեան միակամութիւնը այս հանգրուանին հիմնական գրաւականն է:
(Ազդակ օրաթերթ)