
Արեւմտեան Սիտնիի Համազգային Սեւան մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ 27 Ապրիլ 2018-ին Բանոյեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Ապրիլեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած յարգանքի երեկոյ, որուն մաս կազմած էին շրջանի Համազգային Սերոբ Փափազեան շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները:
Աշակերտներուն կողմէ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութեամբ կատարուեցաւ հանդիսութեան բացումը, որմէ ետք օրուան բեմավար ընկ. Ճորճ Նաճարեան բեմ հրաւիրեց Ս. Փափազեան դպրոցի տնօրէնուհի տկն Լինտա Եկէնեանը՝ կատարելու բացման խօսքը, ուր շեշտուած էր Հայ լեզուի եւ դպրոցի կարեւորութիւնը՝ Հայը Հայ պահելու համար:
Ապա, դպրոցի աշակերտները կատարեցին փունջ մը երգեր ու արտասանութիւններ, Օր. Ռիթա Մանուկեանի ղեկավարութեամբ: Ընկ. Կիկո Կիրակոսեան փոխանցեց ՀՅԴ «Քեռի» ենթակոմիտէութեան խօսքը, ուր շեշտը դրուած էր շրջանի քոյր միութիւններու միասնակամ աշխատանքին վրայ, որպէսզի շրջանը վերստին վերականգնուի, եւ ո՛չ մէկ ջանք ու ճիք չի խնայել շրջանը բարելաւելու աշխատանքին մէջ:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Ունճեան քոյրերու կողմէ քանոնի եւ ջութակի վրայ նուագի կատարողութեամբ, եւ ընկ. Ճորճ Նաճարեանի «Պիտի Գնանգ Վաղ թէ Ուշ» մեներգով: Պարուսոյց Գոլեթ Մարտիրոսեան պարեց վերականգնումի պարը եւ ընկ Ճորճ Շիշոյեան ասմունքեց «Ես Ծնուել եմ Սարերում»: ՀՕՄ-ի ընկերուհի Զարմիկ Չուխուրկէօզեան կարդաց «Հայոց Տանթէականը», որմէ ետք ՀՅԴ «Բեկոր» մասնաճիւղի ընկերները երգեցին «Թող Հնչեն Շեփոր» երգը:
Օրուան բանախօս ընկ Հայկ Քայսէրեան նախընտրեց հանդիսատեսներուն ներկայացնել Հայ Դատի տարած աշխատանքը Աւստրալիոյ մէջ, եւ հարցումներու առիթ տալով՝ գոհացուցիչ բացատրութիւններ տուաւ անոնց: Ընկերը իր խօսքին մէջ նշեց որ թէ՛ Հայ Դատի գրասենեակը եւ թէ՛ Յանձնախումբը գոյն չունին, եւ անոր մաս կրնան կազմել բոլոր հայորդիները որոնք ունակութիւնը ունին այսպիսի աշխատանքներու: Եւ, յիշեց թէ Հայ Դատի յանձնախումբը ՀՅԴ նուէրն է Հայ ժողովուրդին՝ որոնք կ'ուզեն աշխատիլ այս ոլորտին մէջ:
Յայտագրի աւարտին Հայր Աւետիս Համբարձումեան իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց ձեռնարկը պատրաստողները եւ մասնակիցները, եւ Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ մոմավարութիւն Ծիծիռնակաբերդի փոքր յուշակոթողին դիմաց, ինչ որ մեծ տպաւորութիւն թողուց ներկաներուն վրայ, եւ անակնկալօրէն երգիչ Րաֆֆի Ատուրեան կատարեց «Դաժան Կռիւ» երգը, որուն ձայնակցեցան ներկաները:
Այս երեկոն եկաւ փաստելու որ Հայը երբեք չի յանձնուիր դժուարութիւններու՝ մինչեւ այն ատեն որ միասնակամ ենք եւ գիտենք պահել ու պահպանել մեր հայկական արժէքները: