Ուրբաթ 14 դեկտեմբեր 2018-ին, Հայ Մշակոյթի տան մէջ, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը եւ ՀՅԴ Արմէն Կարօ Կոմիտէն կազմակերպեցին հանդիպում մը Արա Գրիգորեանի հետ, «Journal d'un militant» (Զինուորեալի մը օրագիրը ) հատորին հրատարակութեան առիթով:
Հեղինակը աւելի քան քառասուն տարիներ շարունակ գրի առած է իր կուսակցական յուշերը եւ այս
հատորին մէջ ամփոփած է 1971-էն 1991 շրջանի դէպքերն ու քաղաքական պայքարը:
Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքները Ֆրանսական եւ միջազգային ատեաններու մէջ, 1975-ին Արդարութեան մարտիկներու գործողութիւնները,
1987-ին Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ուրիշ կարեւոր
իրադարձութիւններ տեղ գտած են այս հատորին մէջ:
Ելոյթի ընթացքին բանախօսը անդրադարձաւ երկար տարիներու վրայ, զինուորեալի
(militant) մը հաւատքը վառ պահելու դժուարին գործին, խոչընդոտներուն դիմանալուն: Ան նշեց, թէ գիրքին նպատակը յուշագրութիւն փոխանցել է յաջորդ
սերունդներուն:
Երեկոն աւարտեցաւ ներկաներու սրտբաց զրոյցով մը ներկայի քաղաքական մարտահրաւէրներու շուրջ Հայաստանի անկախացումէն ետք: Բանախօսը շեշտեց հայերէնի եւ հայ մշակոյթի ժառանգութիւնները պաշտպանելու առաջնահերթութիւնը: