Միջին Արեւելք
Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Համազգայինի Մեկուսի Մասնաճիւղի Վարչութեան, Երեքշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2023֊ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ ընկերային զրոյց հանդիպում Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Զօրեանի հետ։ Աւելի քան երկու ժամ տեւող հանդիպումը սկսաւ շարք մը հարցումներով, որոնք առաւելաբար առնչուած էին օրուան հիւրին կենսագրական գիծերուն, գործի ասպարէզին եւ արհեստագիտութեան մէջ ունեցած անոր հարուստ փորձառութեան հետ։ Զրոյցը վարեց Սամուէլ Լախոյեան։ Հանդիպումը շարունակուեցաւ ներկաներուն հետաքրքրական հարցումներով։