Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան Սուրիոյ անդամ Կարօ Մանճիկեանին հետ, Շրջ. Վարչութեան գրասենեակէն ներս։
Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերոջ, ապա անդրադարձաւ Համազգայինի Սուրիոյ շրջանի մասնաճիւղերուն եւ միաւորներուն աշխոյժ գործունէութեան։
Հանդիպումին արծարծուեցան նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ շրջանը յուզող դժուարութիւնները եւ աշխատանքային յառաջիկայ ծրագիրները։
Ընկ. Կարօն գնահատեց Շրջ. Վարչութեան գլխաւորութեամբ, մասնաճիւղերուն եւ միաւորներուն տարած կրթական եւ մշակութային արգասաբեր գործունէութիւնը եւ բարեյաջող ընթացք մաղթեց յառաջիկայ ծրագիրներուն։