
Երեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2025-ին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած պարուսոյցներու վերապատրաստութեան դասընթացքի մասնակիցներուն՝ Լիլիթ Նալպանտեանին եւ Ալիսա Լախոյեանին հետ, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Համազգայինի գրասենեակէն ներս։
Ընկերուհիները դասընթացքին մասնակցելով լաւագոյնս օգտուած են պարուսոյց Սուրէն Խաչատրեանին մասնագիտական փորձառութենէն եւ իրենց ստացած հմտութիւնները յառաջիկային ի գործ պիտի դնեն «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի մարզումներուն։ Անոնք երախտագիտական զգացումով շնորհակալութիւն յայտնեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան՝ իրենց ցուցաբերած քաջալերանքին համար։
Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան գնահատելով ընկերուհիներուն դասընթացքի աչալուրջ մասնակցութիւնը՝ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոնց։
Յիշենք, որ Սուրիոյ շրջանէն դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք ընկերուհիներ՝ «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի պարուսոյցներ Ալիսա Լախոյեան եւ Լիլիթ Նալպանտեան, նաեւ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբի անդամ Մեղրի Գէորգեան։
