
Նոր տարուան առիթով աւանդութիւն դարձած եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի 85-ամեակին առիթով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, Չորեքշաբթի 4 Յունուար 2017-ին, ներկայութեամբ` երեք յարանուանութեանց պետերուն, Համազգայինի հրատարակչատան խնամակալ մարմինին, հրատարակչական յանձնախումբին, ցուցասրահի յանձնախումբին եւ Համազգայինի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահին կողքին գործող բարերարներու:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը անխափանօրէն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը իբրեւ տպարան, գրատարած, գրախանութ եւ եօթնամեայ ցուցասրահ:
Ան յայտնեց, որ այս հանդիպումին նպատակն է նաեւ տարեկան հաշուետուութիւն կատարել` ներկայացնելով հրատարակչատան անցնող տարուան գործերը, հրատարակած գիրքերը եւ կազմակերպած ցուցահանդէսները, հայ գիրքը հայ օճախին, հայ պատանիին ու մանուկին սիրելի դարձնելու ճիգը: