Հովանաւորութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի եւ Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղին, 14 Դեկտեմբերին «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Օրուան հիւր դասախօսն էր հայրենի ականաւոր գրականագէտ, արուեստաբան, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, նիւթ ունենալով` «Հայրենի ժամանակակից գրականութիւնը եւ մամուլը»:
«Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Արթօ Դաւիթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը` իբրեւ սփիւռքահայ կեանքին ծանօթ մտաւորական, որ դասախօսած է Պէյրութի Հայագիտական հիմնարկին եւ դպրեվանքին մէջ: Ան նաեւ խմբագիրն ու հրատարակիչն է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ քանի մը հատին գինեձօնը պիտի կատարուէր երեկոյի աւարտին: Այդ գիրքերն են` Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, Խրիմեան Հայրիկի «Պապիկ եւ թոռնիկ»-ը, Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» եւ Գէորգ Գանտահարեանի մասին գիրքը:
Երուանդ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքը սկսաւ հայրենի գրականութեան 1957 թուականներէն նշելով արեւմտահայ յայտնի հեղինակներ` Մեծարենց, Սիամանթօ, Վարուժան…: Ան անդրադարձաւ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600 եւ Սայեաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակներուն, երիտասարդ տաղանդաւոր գրողներ` Համօ Սահեանի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Վահագն Դաւթեանի, Հրաչեայ Յովհաննիսեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մարօ Մարգարեանի, որոնք նոր աստիճանի բարձրացուցին մեր գրականութիւնը: Արձակագիրներէն ան առանձնացուց` Հրանդ Մատթէոսեանը, Մուշեղ Գալշոյեանը, Յովհաննէս Մելքոնեանը, Մանուկ Մնացականեանը…, որոնց մշակած գրականութիւնը խորքով ու մտածողութեամբ ազգային էր:
Բանախօսը խոր ցաւով անդրադարձաւ հայրենական ներկայ իրավիճակին, ուր չկայ գրական միջավայր, կը պակսի ոգին, իսկ լեզուն կը նահանջէ:
Անդրադառնալով մամուլին, ան նշեց, որ մամուլը պէտք է համապարփակ կերպով ներկայացնէ հայ իրականութիւնը, շեշտելով մասնաւորաբար, որ Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, այլ նաեւ` գիւղերն ու շրջանները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ վերոնշեալ գիրքերու աւանդական գինեձօնը` ձեռամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ Մոմիկ քհնյ. Հապեշեանի:
Այնուհետեւ Վարուժան արքեպիսկոպոս պարգեւատրեց հիւր-դասախօսը յատուկ կրծքանշանով մը` առ ի գնահատանք անոր հայ գրականութեան ի սպաս տարած բեղուն աշխատանքին։