
Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր նստավայր՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանը։
Հանդիպումին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւններու ներկայացուցիչները քննարկեցին Հայաստանեան եւ սփիւռքեան կեանքի կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական մարզերուն առնչուող ընդհանուր հարցեր:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ապագային զայն աւելի ամրապնդելու եւ ընդլայնելու կարելիութիւններուն՝ յատկապէս Եւրոպայի եւ Մոսկուայի մէջ միացեալ նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու կազմակերպման ուղղութեամբ:
Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնները վերահաստատեցին երկու կազմակերպութիւններուն յանձնառութիւնը՝ ազգային, կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական մարզերուն մէջ աւելի սերտ գործակցութեան՝ ի նպաստ հայ համայնքներու հզօրացման եւ նոր սերունդներու ազգային դաստիարակութեան։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 3 Յունիս 2026
