
22 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, հոծ թիւով լոսանճելըսահայեր հաւաքուած էին հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից դահլիճին մէջ՝ մասնակցելու Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան (ՊՀԵԵՄ) անցեալ դարու գոհարներէն՝ «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբին եւ անոր հիմնադիր ու խմբավար՝ Կարապետ Քիշմիշեանի յիշատակին նուիրուած գրական-գեղարուեստական երեկոյին:
Ձեռնարկը, զոր կը հովանաւորէր Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը՝ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ Քալիֆորնիոյ Իրաքահայ մշակոյթի յանձնախումբին:
Երեկոն սկսաւ Իգնատիոս վրդ. Աբբասեանի արտասանած աղօթքով եւ օրհնութեամբ:
Բացման խօսքը ընթերցեց օրուան հանդիսավար եւ յիշեալ երգչախումբի երկար տարիներու անդամ Արամ Քէթէնճեան, որ հակիրճ ներածականով մը ներկայացուց Իրաքահայ թեմի պատմութիւնը՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը: Ան անդրադարձաւ համայնքի եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ մշակութային հաստատութիւններուն հիմնադրութեան եւ անոնց կարեւորութեան՝ կրօնքը, մայրենին եւ հայ մշակոյթը պահելու վսեմ գործին մէջ։ Այդ հաստատութիւններէն մէկը եղաւ ՊՀԵԵՄը եւ անոր սիւներէն մին՝ 1953ին կազմուած «Կոմիտաս» երգչախումբը:
Իրաքահայ թեմի նախկին առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի այս առիթով ուղարկած բովանդակալից տպաւորութիւնները եւ օրհնութեան խօսքը ընթերցեց Մարալ Կարապետեան Ալուճեան:
