
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ա.Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 1 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.- ի պարտէզի փակ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի մրցախաղ։
Մրցումը բարեյաջող ընթացաւ եւ մասնակիցները առաջնութիւն ձեռք բերելու համար ճիգ չխնայեցին, այլ մարզական առողջ ոգիով պատասխանեցին տրուած հարցումներուն։ Նախքան սկսիլը մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պօզոյեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Եւա Մանուկեանը եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ համագործակցութեան համար։
Մրցումը վարեց վարչութեան անդամ Աբիկ Քէհեայեանը, իսկ օրուան թեքնիք գործերը կատարեց Մանօ Դաւիթեանը։
Մասնակիցները հինգ խմբակ էին, կը ներկայացնէին Համազգայինը, ուսուցչաց կազմը, Ս.Օ.Խ.-ը, Ս.Ե.Մ.-ը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը։
Դատական կազմի անդամներն էին՝ մեթր Նուէր Սարգիսեան, դեղագործ Յակոբ Տօնապետեան եւ Յակոբ Պարսումեան։ Անոնք շատ արդար եւ թափանցիկ դատեցին մրցումի արդիւնքները։
Կազմի անունով խօսք առաւ Յակոբ Պարսումեան, որ նախ գնահատեց այս աննախընթաց եւ ժամանակակից մեթոտներով պատրաստուած մրցումը, շեշտեց, թէ յաճախակի ըլլան, ապա յարատեւ վերելք մաղթեց Համազգայինի վարչութեան։
Օրուան գերազանց դիրքը ստացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խմբակը եւ պարգեւատրուեցաւ յուշանուէր մրցանակով։
