Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ

Համազգայինի 95-ամեակին առիթով, 14-18 Սեպտեմբեր 2023-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր ձեռնարկներ։ Այս ծիրին մէջ նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը կազմակերպած է իւրայատուկ ցուցահանդէս մը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ 14 Սեպտեմբերին ՀԲԸՄ-Հայաստան կեդրոնին մէջ: Սոյն ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 18 Սեպտեմբեր։
Այս ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին այն արուեստագէտները, որոնք անցնող տարիներուն համագործակցած են ցուցասրահին հետ:
Երեւանէն ետք նախատեսուած է նաեւ ցուցահանդէսներ կազմակերպել Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ: