Ուրբաթ 24 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Փարիզի հայ մշակոյթի տունը կը փայլէր նոր հաւաքական ցուցահանդէսով մը։ Համազգային Փարիզի հովանաւորութեամբ եօթը երիտասարդ արուեստագէտներ նուիրած էին իրենց գործերը Արցախի սատար դառնալու եւ շարունակելու համար արդարութեան պայքարը, ինչպէս նշեցին Նոնիկ Յովհանէսեան եւ Արին Թաշճեան իրենց բացման խօսքին մէջ։
Ձեռնարկի նախաձեռնող՝ արուեստագէտ Սեւակ Արմէնեան, իր շուրջ հաւաքեց զանազան երկիրներ հասակ նետած 7 տաղանդաւոր արուեստագէտներ, նկարիչներ՝ Թալին Զապունճեան, Նազելի Փանոսեան, Ամալի Կալստեան, Գրիս Իսգէնտէրեան, Գարին Յարութիւնեան, Սեւակ Արմէնեան եւ լուսանկարիչ Ռօքսանա էմմա ֆոթովաթ:
Հիւրասիրութիւն մը եւ գեղարուեստական բաժին մը ճոխացուցին մթնոլորտը:
Լորի Լա Արմէնիա՝ իր ֆլամէնկոյի խումբով, երգ ու պարով մասնակցեցաւ ցուցահանդէսին։ Ան ցաւի եւ պայքարի արտայայտութիւնը տուաւ երեկոյին։ 70- է աւելի ներկաներ գնահատեցին այս հաւաքական ցուցահանդէսը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի FrontLine հոգեբաններու կազմակերպութեան, որ կը զբաղի պատերազմէն վնասուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու հոգեկան օգնութեամբ։
Ներկայ մը