
Միամեայ կրթական ծրագիրը ամբողջացնելէ եւ հետեւողական փորձեր կատարելէ ետք, Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի «Հէյ ջան, ղափամա» թատերախաղը:
«Հէյ ջան, ղափամա»-ն կը ներկայացնէ հայ ընտանիք մը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ խնամիները: Տարբեր երկիրներէ ազգականները ժամանած են, սակայն ոչ ոք օգտակար կը դառնայ մօրը` Անահիտին, որպէսզի պատրաստէ ղափաման: Հիւրերն ու տնեցիները զբաղած են իրենց երազներով, զարդարանքներով, առօրեայով եւ երբեք ճիգ չեն թափեր մասնակից դառնալու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մօր ուսերուն է ամբողջ գործը, որ կարողութիւնը չունի ղափամայի դդումը առանձին քաղելու, պատրաստելու, եփելու եւ ներկայացնելու:
Տարբեր երկիրներէ եւ միջավայրէ հաւաքուած ընտանիքին անդամներուն տարբերութիւններն ու իւրայատկութիւնները կը բացայայտուին տարբեր տեսարաններու մէջ: Լեզուական տարբերութիւններէն մինչեւ ապրելակերպի եւ մտածելակերպի զանազանութիւնները կ՛երեւին պատկերներու մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ աշխարհասփիւռ հայութեան իրավիճակը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
