Կեդրոնական Վարչութիւն

Կը շնորհաւորենք Սագօ Եագուպեանը, Քրիստ Բրուտեանը եւ Մեղրիկ Սահակեանը, որոնք հետեւելէ ետք Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան մանկավարժ-հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրին, Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ին, պաշտպանեցին իրենց մագիստրոսի թէզը եւ բարձր գնահատականներով աւարտեցին Երեւանի Պետական Համալսարանը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր շրջանաւարտներուն, որոնք կրթական առաքելութեան իրենց ուղիին պիտի սկսին սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէն լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդելով: