
Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրաճանաչ արուեստագէտ Հրայրի (Հրայր Տիարպեքիրեան) գործերու ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 7 Նոյեմբեր 2011:
Այս առիթով արտասանած բացման խօսքին մէջ Մէյրի Չոլոյեան ըսաւ, որ Հրայր իր գործերով ճանչցուած է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ Միջին Արեւելքի մէջ եւս: Ան իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ Հրայրի գործերուն ընդմէջէն ներկաները արուեստի ուրոյն պահեր ապրին:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անունով անգլերէնով խօսք առաւ Լոլա Պէօյիւքեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հրայրի գեղանկարներէն արտացոլացող արուեստը եւ կեանքի տարբեր կողմերն ու իմաստները: Ան հաստատեց, որ աւանդականն ու դասականը իբրեւ հիմք ունենալով Հրայր ստեղծած է երեւոյթները, բնանկարներն ու էակները դիտելու իր ուրոյն ոճը: Լ. Պէօյիւքեան նշեց, որ ձիերը տիրական ներկայութիւն են Հրայրի գործերուն մէջ` աւելցնելով, որ անոնք խորհրդանիշ են ազնուութեան, հասկացողութեան եւ կեանքի տարբեր սկզբունքներուն, որոնց ընդմէջէն արուեստագէտը կը փորձէ իր ուրոյն ստորագրութիւնն ու դրոշմը զետեղել գործերուն մէջ: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հրայրի մէջ կան միջազգային, միջերկրականեան եւ հայկական տուեալները, զգացումներն ու դրսեւորումները:
Իր խօսքը աւարտելով` Լ. Պէօյիւքեան մատնանշեց, որ Հրայրի գործերը իրենց ուրոյն տեղը կը գրաւեն թագաւորական, իշխանական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու պալատներուն մէջ:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Հրայր, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ հաստատեց, որ հպարտ է հայ ըլլալով եւ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:
Ապա ցուցասրահը լեցուցած արուեստագէտները առիթ ունեցան ընդելուզուելու Հրայրի գործերուն հետ, թափանցելու անոնց խորքը եւ փոխանցուած պատգամներուն հետ հաղորդակից դառնալու: