Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմը համահունչ դարձած էր Հրանդ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» վիպակի միջավայրին: Խոտերով ու խուրձերով ծածկուած բեմահարթակին վրայ, Հայաստանէն ժամանած հայրենի արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան մենակատարութեամբ ներկայացուց Մաթեւոսեանի վիպակը: Մէկ ժամուան սահմաններուն մէջ, Գրիգորեան ճարտար ու նուրբ շարժումներով իր արուեստագիտական փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ լիբանանահայ հանդիսատեսի կախարդման: