
Երկուշաբթի, 21 Մայիս, 2012-ին, Պոսթընի մէջ կազմակերպուած` Հայոց Ժառանգութեան Այգիի բացման ճաշկերոյթի ընթացքին, հանրածանօթ մտաւորական, թատերագիր, բեմադրիչ, գիտնական, բանաստեղծ, դաստիարակ, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացիի անուան մշակութային բարձրագոյն մետալով։
Մետալը շնորհուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ։ Տուչութիւնը կատարուեցաւ Նորին Վսեմութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ, ներկայութեամբ՝ Նորին Վսեմութիւն Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։
Մովսէս Խորենացի մետալը հաստատուած է 26 Յուլիս, 1993-ին։ Բարձրագոյն մետալն է, որ կը շնորհուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ՝ մշակութային, արուեստի, գրականութեան, դաստիարակութեան եւ մարդասիրական գործունէութեանց մէջ ներդրում ունեցող անհատներու թէ´ Հայաստանի, թէ´ Սփիւռքի մէջ։