
Ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր 6-7ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինք Հիմնադրամի եւ Համազգայինի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած միջազգային գիտաժողով մը՝ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» ընդհանուր թեմայով:
Օրին մամուլով լոյս տեսաւ գիտաժողովի տեղեկագրութիւնը: Գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուեցան տեսական պարունակութեամբ կամ գործնական աշխատանքներու արդիւնքները ներկայացնող շուրջ երեսուն զեկուցումներ: Զեկուցումները կարելի էր հաղորդել հայերէնով, անգլերէնով կամ թրքերէնով. կար անմիջական թարգմանութեան դրութիւն: Իւրաքանչիւր զեկուցումէն ետք կար զեկուցաբերներուն հարցումներ ուղղելու կարելիութիւն: Զեկուցումները կատարեցին առհասարակ ինքնութեան յղացքներու, ժամանակի եւ սփիւռքեան տարածքի վրայ հայկական ինքնութիւններու, Թուրքիոյ հայութեան, կրօնական շրջագիծի եւ գրականութեան մէջ հայկական ինքնութեան ներկայացումն ու քննարկումը: Գիտաժողովի ամբողջական հաշուետուութիւնը ապագային պիտի հրատարակուի յատուկ հատորով՝ Հրանդ Տինք Հիմնարկի կողմէ: Հատորին լոյս ընծայուելէն ետք աւելի յստակ կերպով մասնագէտ հասարակութիւնը առիթը կ'ունենայ հանգամանօրէն քննելու ներկայացուած աշխատանքնրու տարողութիւնն ու արժէքը:
Նախքան ատիկա ընելու կարելիութիւնը ունենալը սակայն հարկ է աներկբայօրէն հաստատել, թէ գիտաժողովի կայացումը ինքնին արդէն իր մէջ կը պարունակէր խորհրդանշական խորունկ իմաստ, ինչ որ մասնակիցներու մօտ ակներեւ գոհունակութեան մթնոլորտ մը ստեղծեց, մանաւանդ՝ աշխատանքային ժամերէն դուրս խորհրդակցութիւններու ընթացքին: Արդարեւ, յիշողութիւնը ինքնութիւն կերտող հիմնական ստորոգելիներէն մէկը ըլլալով, վայրը՝ Պոլիսը, իր գրական արեւմտահայերէնի փաստացի ծննդավայրի հանգամանքով եւ ընդհանրապէս իր ազգային գործունէութեան փառաւոր անցեալով, գիտաժողովի նիւթը առարկայականի կողքին կը զետեղէր նաեւ ենթակայական պարունակի մը մէջ. այս ձեւով գիտութիւն եւ ներաշխարհ հաւասար իրաւունքներով անկաշկանդ երկխօսութեան դաշտ մը կրցան ստեղծել: Ներկաներուն համար հաճելի էր նաեւ գտնուիլ տառացիօրէն համահայկական միջավայրի մէջ. կային ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, արեւմտեան ու արեւելեան սփիւռքներէն եւ, բնական է, Պոլիսէն եւ Թուրքիայէն:
Համազգայինի անմիջական հաղորդակցութիւնը պոլսահայութեան հետ արդէն քանի մը տարիներու պատմութիւն ունի: Հայկական ինքնութեան նիւթով կազմակերպուած գիտաժողովը Հրանդ Տինք հիմնարկին հետ գործակցութեամբ առաջին ձեռնարկն էր: Արդիւնքը շատ քաջալերական է: Վստահաբար այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի՝ նորանոր յաջող նախաձեռնութիւններով:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 24 Հոկտեմբեր 2016