
18 Սեպտեմբերէն 2 Հոկտեմբեր 2011, երկշաբաթեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէին Համազգայինի Աւստրալիոյ Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի աւարտական դասարաններու 32 աշակերտներ` 3 ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ:
Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 23-ին ճեմարանականները այցելեցին ՀՀ Ազգային ժողով, ուր նիստերու դահլիճին մէջ զիրենք ողջունեց ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, Համազգային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը: Խումբը շրջեցաւ Ազգային ժողովին մէջ եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան ու կառուցուածքին:
30 Սեպտեմբերին Ճեմարանի աշակերտները հիւրընկալուեցան մայրաքաղաքի Նիկոլ Աղբալեանի անուան թիւ 19 դպրոցը, ուր անոնք արժանացան ջերմ ընդունելութեան, առիթ ունեցան շփուելու իրենց տարեկից դպրոցականներու հետ, փոխանակելու տեղի եւ Ճեմարանի կրթական համակարգի առանձնայատկութիւնները, նմանութիւններն ու տարբերութիւնները:
Նոյն օրը նախատեսուած էր նաեւ այցելութիւն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր նախարարի խորհրդական Ստեփան Պօղոսեան ճեմարանականներուն ծանօթացուց նախարարութեան գործունէութեան, որդեգրած երիտասարդական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ան պատասխանեց
աշակերտներուն հարցումներուն: