
Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2025-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ղազանչեան ընտանիքի` Գագիկի, Լիլիթ Սողոմոնեանի եւ Գայի ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսը կը վայելէր «Ժապեր» ֆոնտի հիմնադիր եւ տնօրէն Ֆիլիփ Ժապերի հովանաւորութիւնը:
Ցուցասրահին անունով բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայկազեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններու դասախօս Անիթա Մուչոյեան, որ իւրայատուկ նկատեց միացեալ ցուցահանդէսը Ղազանչեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք այս ձեւաչափով առաջին անգամն է որ հանդէս կու գան միասնաբար: Ապա ան անդրադարձաւ երեք արուեստագէտներուն անցած ստեղծագործական ուղիին եւ հաստատեց, որ անոնք հայկական միջավայրէն դուրս եւս ծանօթ անուններ են:
Անիթա Մուչոյեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց Ֆիլիփ Ժապերին, որ սիրայօժար ստանձնած է այս կարեւոր ցուցահանդէսի հովանաւորութիւնը: Անդրադառնալով անոր բարեմասնութիւններուն` ան յայտնեց, որ այսօրուան հովանաւորը լուսարձակներէ հեռու նորահաս սերունդներու կազմաւորման ու անոնց մասնագիտութեանց խորացման մէջ պատկառելի աշխատանք կը տանի, եւ հարիւրաւոր համալսարանական ուսանողներ ու մասնագէտներ կ՛օգտուին անոր հաստատած ֆոնտէն: Ան աւելցուց, որ Ֆ. Ժապեր արուեստի մեծ սիրահար մըն է եւ ունի կերպարուեստի իւրայատուկ հաւաքածոյ մը Լիբանանի մէջ:
