22 Մայիս 2023-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Մարգարիտա Մնացականեանի «Ճերմակաշուշան անուրջներ» գիրքի ներկայացումը, նաեւ՝ իր յունական տարբերակով։ Ներկայ էին Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, գոհացուցիչ թիւով գրասէրներ ու արուեստասէրներ։ Գործիքներու ղեկավարումը ստանձնած էր Սիմոն Ասիպեան, նկարահանում` Կարօ Աղապատեան։
Գիրքի թարգմանիչ Ժագ Տամատեան իր հակիրճ բացման խօսքով ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը, որ «կառուցուած է բիւրեղ բառապաշարով, առանց օտար բառերու գործածման»։ Ան ըսաւ. «Մարգարիտայի պատմութիւններուն մէջէն հայրենիքը կը ներկայանայ իր դրախտային բնութեամբ աննման շքեղութեան Երեւան մայրաքաղաքով, Հայաստանի բնակիչն ալ` իր կենցաղային խնդիրներով, վաստակով մշակոյթով»։