Կեդրոնական Վարչութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի գրասենեակին, 1 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, մասնակցութեամբ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի 11 եւ Գանատայի 2 մանկապարտէզներու, ինչպէս նաեւ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Կրթական Մարմնի տնօրէնին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի կողմէ պատրաստուած մանկապարտէզի երեք տարիներու դասագիրքերու առցանց ներկայացում։
Հանդիպման բացումը կատարեց գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, ապա հերթաբար ներկայացումներ կատարեցին դասագիրքերու հեղինակներ` Սեդա Մածունեան, Թալին Եահնիեան եւ Արազ Քալաշեան։ Անոնք մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուին գիրքերու դասաւանդման եւ կիրարկման զանազան ձեւերու մասին։
Մասնակիցները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին հանդիպումի կազմակերպման գծով եւ յոյս յայտնեցին, որ նման հանդիպումներ յաճախակի ըլլան։