Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2024-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու մանկապարտիզպանուհիներու եւ մանկապարտէզի երրորդ դասարաններու հայերէնի դասաւանդ ուսուցիչներու հանդիպում։
Այս առիթով, ներկայացուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նոր հրատարակութիւնը՝ մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրքի ծրարը, որ լոյս տեսաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին։
Ծրարը ներկայացուցին պատրաստողներ Սեդա Մածունեան, Թալին Եահնիեան եւ Արազ Քելէշեան։
Բովանդակութեան եւ դասաւանդման ուղղութիւններուն մասին ուսուցիչները ստացան ամբողջական լուսաբանութիւններ։
Յայտնենք, որ անցնող տարիներուն լոյս տեսած էին մանկապարտէզի առաջին եւ երկրորդ դասագիրքերու ծրարներ, որոնք կ՛օգտագործուին լիբանանահայ եւ Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններուն կողմէ։