
Շաբաթ, 2 Օգոստոս 2025-ին, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցէն 6֊էն 18 տարեկան 10 աշակերտներ մասնակցեցան Ժպէյլի «Byblos Public Garden»-ի մէջ տեղի ունեցած «Children Art Symposium»-ին, որուն նիւթն էր «Children Of Peace»։ Հաւաքը կազմակերպած էր հանրածանօթ գեղանկարչուհի եւ Ժպէյլի քաղաքապետական խորհուրդի արուեստագէտներու յանձնախումբի անդամ Սարա Սէրժինգոն եւ հովանաւորած` Ժպէյլի քաղաքապետական խորհուրդը։ Աշակերտները բնութեան մէջ ստեղծագործեցին գեղանկարներ ճշդուած նիւթին շուրջ, հիւրասիրուեցան, եւ աւարտին ստացան մասնակցութեան հաստատագիրներ։
