ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Կիրակի, 3 Մարտ 2024-ի յետմիջօրէին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի ծննդեան 130-ամեակին ու մահուան 100 -ամեակին նուիրուած հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակէն վեց երիտասարդներ. հանդիսավարն ու Զարիֆեանի կենսագրութենէն մասեր ներկայացնողն էր Ռիթա Խաչոյեանը: Արտասանութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերին Շանթ Տէօքմէճեանը, Ալիք Պապօղլեանը, Էօժենի Բարսեղեանը, Կապրիէլլա Պաթիկեանն ու Հայկ Յարութիւնեանը։ Դաշնամուրի վրայ Արամ Խաչատուրեանի գործերէն մէկը նուագեց Մինելի Շահնազարեանը։ Կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ մասնակցիլ Աննա Մարիա Մուպայէտը։ Աւարտին, Գրադարանէն տրամադրուած գիրքեր յանձնուեցան բոլոր մասնակցողներուն։