Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին կը կտակեն մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլար
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ Միացեալ Նահանգներէն 2011-ին հանգուցեալ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան ֊ ներկայիս Մ. եւ Հ. Արսլանեան» Ճեմարանին կտակած են մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլար:
Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, այս գումարէն մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար տոլար պիտի բարդուի նախապէս արդէն հաստատուած «Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ապահովութեան հիմնադրամ»-ին (Endowment Fund) վրայ: Այս հիմնադրամը կը միտի նպաստել Ճեմարանը ապագային նիւթապէս ապահով եւ ինքնաբաւ դարձնելու նպատակի իրականացման:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք այս կտակի յղացման եւ գործադրութեան ընթացքին` իրաւաբանական եւ գործնական ճիգ չխնայեցին, որպէսզի կտակը հասնի կտակառուին:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը երախտապարտ կը մնայ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեան քոյր-եղբօր: Անոնց ազգանուէր գործունէութիւնը կը հանդիսանայ իրենց ապրած կեանքերուն լրումը, իսկ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան ֊ ներկայիս Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան»-ի հանդէպ կտակով արտայայտուած իրենց հաւատքը իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ այլոց, որ քալեն Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններու օրինակելի ճամբէն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ
ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 22 Յունուար 2017
Մարգրիտ Եւ Գուրգէն
Ասատուրեաններ
Մարգրիտ Ասատուրեան ծնած է Պոլիս 1923 թուականին, իսկ իր եղբայրը` Գուրգէն Ասատուրեան, դարձեալ Պոլիս` 1924-ին: Նոյն տարին, թրքական խժդժութիւններէն փախչելով, Ասատուրեան ընտանիքը կ՛ապաստանի նախ Հայաստան, եւ ապա կը տեղափոխուի Իրան` Թեհրան:
Հանգուցեալ Մարգրիտ Ասատուրեան յաճախած է Թեհրանի Forough Girls American Missionary երկրորդական վարժարանը, ուր ցուցաբերած է իւրայատուկ կարողութիւն լեզուագիտութեան մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք, ան սկսած է աշխատիլ Թեհրանի ամերիկեան դեսպանատան մէջ` իբրեւ թարգմանիչ. ապա ան գործած է Voice of America հաստատութեան մէջ: 1953-ին կը տեղափոխուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Վըրճինիա նահանգի Մըքլէյն քաղաքին մէջ: Իբրեւ թարգմանիչ կը սկսի գործել ամերիկեան կառավարութեան Indian Supply Mission-ին մէջ` միաժամանակ շարունակելով իր ուսումը տեղւոյն «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի լեզուագիտութեան ճիւղին մէջ:
Ան լաւ թարգման եղած է եւ իր աշխատանքին բերումով յաճախ ճամբորդած է զանազան երկիրներ եւ մնայուն հետաքրքրութիւն ունեցած քաղաքականութեան ու լրատուութեան նկատմամբ: Հանգուցեալը վարչական պաշտօններ վարած է Համազգայինի կառոյցին եւ ազգային կազմակերպութիւններու մէջ: Իր ասպարէզին բերումով, շարունակ դիմած է Միացեալ Նահանգներու պետական նպաստներու` Հայաստանի օժանդակութեան համար, եւ նամակներու ու լոպիիստական միջոցներով միջազգային մակարդակի վրայ արծարծած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Հանգուցեալ Գուրգէն Ասատուրեան յաճախած է Թեհրանի հայկական տարրական ու ապա պարսկական միջնակարգ դպրոցները: Եղած է Թեհրանի Հայ պատանեկան մշակութային միութեան հիմնադիր անդամներէն: 1948-ին տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` Ուաշինկթընի մէջ ուսումը շարունակելու նպատակով: Արժանացած է պսակաւոր արուեստից ու մագիստրոսի վկայականներուն եւ 1952-ին աշխատանքի անցած է Նիւ Եորքի Voice of America ձայնասփիւռի կայանի նորաստեղծ հայկական բաժինին մէջ` իբրեւ լուրերու խմբագիր, խօսնակ ու վերլուծող: Քանի մը տարի ետք, նոյն պաշտօնով տեղափոխուած է դարձեալ Ուաշինկթըն եւ 35 տարիներէ աւելի պաշտօնավարելէ ետք հանգստեան կոչուած 1987 թուականին:
Գուրգէն Ասատուրեան տարիներ շարունակ իր կարեւոր նպաստը բերած է տեղւոյն հայկական կառոյցներուն` գործակցելով Համազգայինին, ՀՅԴ-ին, ՀՕՄ-ին, մամուլին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ: Գուրգէն Ասատուրեան իր ետին ձգած է խոհուն եւ ակնառու անձնաւորութեան մը յիշատակը: Ան ապրած է մտահոգուելով ազգով ու եկեղեցիով, կուսակցութեամբ ու Հայ օգնութեան միութեամբ, Համազգայինով ու հայ դպրոցներով:
Գուրգէն Ասատուրեան մահացած է 21 մարտ 2011-ին, իսկ Մարգրիտ Ասատուրեան` 13 դեկտեմբեր 2011-ին` Ուաշինկթընի մէջ: Քոյր ու եղբայր կ՛առաջնորդուէին ուղիղ սկզբունքներով, իսկ իրենց կեանքը եղած է նուիրումի ու հայրենասիրութեան ոդիսական մը: