Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Մամուլը պիտի դաստիարակէ ընթերցողին ճաշակը, որ իր սկզբնական շրջանին ունկնդիր է զուռնային, խլացուցիչ ձայնին, զայն հետզհետէ դարձնելով ատակ ըմբռնելու դասական երաժշտութիւնը» մտածումը կրող ցուցատախտակին դիմաց, Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2008ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի յիշատակին հանդիսութիւնն ու «Մարդը եւ գործը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ընտանիքին անդամները, գաղափարակիցները, բարեկամները, գործընկերներն ու բանասէրին եւ մատենագիրին գործին հաւատացողները:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ներկաները դիտեցին ժապաւէն մը, որ կ°անդրադառնայ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գործունէութեան եւ իրագործումներուն:
Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Յակոբ Հանտեան, որ ըսաւ, թէ Արտաշէսի հիմնական եւ եզակի յատկանիշը կը կայանայ անոր գրահաւաքի եւ գրապահի հանգամանքին մէջ, որ իւրայատուկ երեւոյթ մը ըլլալու կողքին դժուար աշխատանք մըն է, սակայն ապագայի հաշուոյն՝ օգտաշատ:
Հանտեան նշեց, որ պատմական մասնագիտութեան տիրացած, ուսուցչական նուիրական ասպարէզին նպաստ բերած եւ մշակութային արժէքներուն անխոնջ պաշտպանը հանդիսացած Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կը ներկայացնէ համազգային ա°յն անձը, որ կրցաւ իր հաստատած գործը յաջողցնել եւ դառնալ հայութեամբ սնանող եւ հայութեան համար աշխատող իսկական հայ մարդը:
Գեղարուեստական առաջին բաժինով բեմ բարձրացաւ Զաքար Քէշիշեան, որ շուիով նուագեց «Ակնայ կռունկ» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս ու «Մարդը եւ գործը» գիրքին խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան: Ան ըսաւ, թէ Արտաշէսը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր առաջին գործէն մինչեւ վերջին գործը նոյն նիւթերուն մասին գրեց ու խօսեցաւ՝ հայ մշակութային գանձերու պահպանում, մամուլ, մատենագիտութիւն, հնատիպ գիրք, հայկական աւանդութիւններու պահպանում՝ աւելցնելով, որ «այս բոլորը իր ալֆան էին ու օմեկան»:
Յովհաննէսեան հաստատեց, թէ Տէր Խաչատուրեանը միակն է, որ հաւաքած է այնքան գիրք ու թերթ, որ նոյնիսկ ազգային գրադարաններն ու մատենադարանները չունին այդ պարբերականներէն եւ օրաթերթերէն: Ան նշեց, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան իր ողջ էութեամբ մշակոյթի մարդ էր, որ ունէր համագաղութային եւ համազգային իսկական մտածողութիւն՝ ջերմ հաւատացեալը հանդիսանալով «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսին:
Կարօ Յովհաննէսեան Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի արժանիքները ներկայացնելէ ետք բարձրօրէն գնահատեց «մեծ նուիրեալին եւ հայ մամուլի աշխարհակալին ու պահապանին» վաստակը՝ յոյս յայտնելով, որ անմար կը մնայ անոր յիշատակը:
Բանախօսութենէն ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի ջութակահարներու համոյթը, որ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայանար: Խումբը ներկայացուց Ռամոյի «Ռոնէօն» ստեղծագործութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի զաւակը՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, որ շեշտեց, թէ այս գործին հրատարակումը կը միտի մէկ ծաւալի մէջ ունենալ ընդհանրական ակնարկ մը Արտաշէսի հիմնական գործերուն եւ ատաղձին մասին:
Ան նշեց, որ Համազգայինը բառին ամբողջական իմաստով ոչ միայն հովանաւորեց եւ կազմակերպեց այս գինեձօնը, այլ տէր կանգնեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան երեւոյթը մեր առօրեային մաս կազմել տուող այս նախաձեռնութեան:
Տարօն Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկին ու գիրքին հրատարակութեան յաջողութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի եռեակը, որ ներկայացուց «Ցայգերգ»ը եւ «Երեւան դարձար իմ Էրեբունի» գործերը:
Գինեձօնի արարողութենէն ետք իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ Տէր Խաչատուրեան իր գործերով մարմնացած է իր արժէքը:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը, որուն մէջ նշուած է, թէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան պրպտող միտք է ու հայ գիրքի սիրահար, որ ունի անկեղծ գրիչ:
Յիշատակի հանդիսութեան աւարտին առաջնորդ սրբազանը Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ընտանիքին յանձնեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանը՝ ենթակային նուիրեալ գործունէութեան իբրեւ գնահատանք:
Նշենք, որ ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցաւ «Մարդը եւ գործը» եւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան 100ամեայ մամուլը» գործերէն օրինակներ: