
370.000 եւրօ` ի նպաստ Մարսէյի նոր շէնքի շինութեան
Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերը պատմական օր էր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու միաժամանակ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանին համար: Արդարեւ, բարձրաստիճան` կառավարական, կղերական, կուսակցական, միութենական ու կրթական ներկայացուցիչներու, բարերարներու ու բարեկամներու ներկայութեան հիմը դրուեցաւ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդառաջել այն մեծ թիւով աշակերտներու դիմումներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը ստանալ այս երկլեզու օճախին մէջ` միաժամանակ կերտելով իրենց ինքնութիւնը իբրեւ մարդ եւ յատկապէս` իբրեւ հայ մարդ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Մարսէյի Համազգայինի բակին մէջ, ուր Ֆրանսայի, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ճեմարանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք հիմնարկէքի կրօնական արարողակարգը կատարեցին` Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Խաչատուրեան, Շահան արք. Սարգիսեան եւ Մարսէյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արշէն քհնյ. Մովսէսեան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան յաջորդաբար հրաւիրեց ներկայացուցիչները, որպէսզի հարազատ վայրերէ բերուած մէկական սրուակ հող աւելցնեն Մարսէյի Ճեմարանի հիմնաքարին, խորհրդանշականօրէն շաղախելով հայրենիքն ու սփիւռքը, անցեալն ու ներկան, եւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցները: Ուստի Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի տնօրէն` Շաքէ Ժամկոչեան` Հայաստանէն, Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան` Արցախէն, Համազգայինի տարիներու Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, այժմ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան` Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մայր կառոյցէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեան` Գասպար Իփէքեանի շիրիմէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ դոկտ. Յասմիկ Շահինեան` Նիկոլ Աղբալեանի շիրիմէն, Լեւոն Շանթի թոռնուհի` Սիւզան (Շուշան) Սեղբոսեան Շանթ Կահերի` Լեւոն Շանթի շիրիմէն, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն դոկտ. Փաուլա Եղիայեան` Լիբանանի «Արսլանեան» Ճեմարանէն, Իսի Լէ Մուլինոյի «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանի վարչութեան ատենապետ Թադէ Կարապետեան` «Համազգային -Թարգմանչաց» վարժարանէն բերուած հողերով աւելի եւս ամրացուցին Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքի շաղախը: Սրուակի մը մէջ տեղադրուած հիմնագիրը եւս զետեղուեցաւ նոր շէնքի հիմերուն տակ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: