
Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն Մարսէյի «Համազգային» դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը հաւաքուած էին դպրոցի մուտքի բակին մէջ` միասնաբար նշելու դպրոցի վերամուտն ու վերանկախութեան տօնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհին` Շաքէ Ժամկոչեանը, որ հաստատեց, թէ ամէն տարիներէ տարբեր անկախութեան տօն է այս տարի` նկատի ունենալով մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգները, ազերիական ոտնձգութիւնները եւ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց կեանքը զոհաբերող մեր երիտասարդներուն խիզախութիւնն ու նուիրուածութիւնը: Ան խաղաղութիւն եւ սահմաններու ապահովութիւն մաղթելով մեր հայրենիքին, բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն` միաժամանակ կոչ ուղղելով, որ անոնք տէր կանգնին մեր լեզուին ու մշակոյթին:
Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն ու դպրոցի աւարտականի ու մանկապարտէզի աշակերտներէն ներկայացուցիչներ` զոյգ-զոյգ, բարձրացուցին Ֆրանսայի, Հայաստանի, Արցախի ու Համազգայինի դրօշները, մինչ դպրոցի աշակերտութիւնը յոտնկայս երգեց Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: