Կրթական հաստատութիւններ

Գիտութեան փառատօնին առիթով, Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի տասներորդ դասարանի աշակերտները, իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, մեկնեցան Aix-en-Provence համալսարանը, ուր ներկայ էին ֆրանսական տարբեր դպրոցներու նախակրթարանի աշակերտներ։
Մեր աշակերտները վարեցին երկու տարբեր աշխատանոցներ։ Առաջինը` ներկաներուն փոխանցեցին հայ գիրերու գիւտի պատմականը, սահիկներով ներկայացուցին Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքն ու գործը եւ այդ դարաշրջանին կատարուած թարգմանական աշխատանքները։ Երկրորդ աշխատանոցով կատարուեցաւ հայերէն տառերով գեղագրական աշխատանք, արհեստական մագաղաթներու վրայ։
Այսպիսով, իւրայատուկ եւ իմաստալից ձեւով նշեցին նաեւ Թարգմանչաց տօնը։