Արդիական բժշկութենէն շատ առաջ, եւ մինչեւ անցեալ դարու վերջերը, որեւէ ցաւի կամ հիւանդութեան մը բուժման համար մեր ծնողները կը դիմէին մեր մեծ մայրերուն (երբեմն՝ մեծ հայրերուն) հնարամտօրէն պատրաստած «դեղ ու դարման»ին: Մեղուի խայթոցին՝ թուքին խառնուած պտղունց մը հող. արեւէն այրած մորթին՝ մածուն, թարթիչին կպած կարեկը մարելու համար՝ կիսուած սխտորի քսուք, կոկորդ պատռող հազին՝մանր քաշուած կոճապղպեղ-շաքարն է ընդունուած դեղը, քացախը՝ հականեխիչ է, ու տաք քացախ-ջուրով թրջուած լաթերը՝ միակ միջոցը հիւանդին տաքութիւնը իջեցնելու...: Ստամոքսային խիթ ու աղիքներու խանգարման համար՝ Մոլոշով ապուր (Stinging nettle, խըպպէյզէ): Այս հնարքներն ու դեղ-դարմանները մաս կը կազմեն մեր բանաւոր ազգագրական մշակոյթին, անոր զարգացման հոլովոյթին: Կենցաղագէտներ զանոնք կը համարեն ժողովուրդի մը դիմացկունութեան առհաւատչեան, տուեալ միջավայրի ընձեռած պայմաններուն մէջ ինքնուրոյն հնարքներով գոյատեւելու:
19 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիրուկ Մանճիկեանի անխոնջ ջանքերով պատրաստուած «Սուրճ, թէյ եւ կարծիքներ» շահեկան երեկոյթը,«Մեծ մայրիկին դեղագիրները» թեմայով: Ներկայ էին վերջին երեք տարիներուն ընթացքին արդէն վարկ ու համբաւ ապահոված «Սուրճ, թէյ եւ կարծիքներ»ու հաւատարիմ ներկայութիւն դարձած անդամներն ու նաեւ օրուան նիւթով հետաքրքրուողներ:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, ընկհ. Մանճիկեանը յաջողեցաւ ոչ միայն գրաւել բոլորին կեդրոնացումը նիւթին ներկայացման ընթացքին, այլեւ՝ ապահովել ներկաներուն մասնակցութիւնը՝ կարծիքներու տարափով եւ ծիծաղով:
Խնամքով պատրաստուած յայտագիրը սկսաւ Սեդա Մանկասարեանի ելոյթով: Ան իր իսկ հեղինակութեամբ պատրաստած եւ բեմականացուցած «Մարիամ մեծ մայրիկ»ի առօրեայէն, օրուան նիւթին առնչուող բաւական ծիծաղաշարժ կտոր մը ներկայացուց: Ապա ընկհ. Մանճիկեան ներկայացուց նիւթը: Յայտագիրը բաժնուած էր երկու գլխաւոր մասերու.
Առաջին մասով՝ մեծ մայրիկին դեղագիրներու մասին խօսելէ ետք, կարդաց Բժ. Կարպիս Հարպոյեանի Բժիշկին Գ. Խօսքէն մեծ մայրերու հնարքներով ու ճարտարութեամբ որեւէ ցաւ բուժելու կարողութեան մասին: Բաւական երկար շարք էր ընթերցուածը, հիւանդութիւն՝ անոր դիմաց՝ առաջարկուած բուժում, երբեմն, բաւական տրամաբանական, որ այսօր իսկ կը գործածենք, եւ երբեմն՝ անհեթեթ, հիմնուած հաւատալիքներու եւ նախապաշարումներու վրայ:
Ընթերցումէն ետք, եւ ընկհ. Տիրուկի ղեկավարութեամբ, անցանք մարմինի իւրաքանչիւր մասին, սկսելով՝ ոտքերէն, հասնելու մինչեւ գլուխ: Հետաքրքրական էր, որ ոչ ոք հոգեկան հիւանդութիւններու մասին խօսք առաւ, բայց ֆիզիքականի իւրաքանչիւր մաս գտաւ իր դեղն ու դարմանը, մասնակցութեամբ՝ գրեթէ բոլոր ներկաներուն: Աւելի՛ն. Նոյն ցաւին կամ մարմինի մասին համար տրուած դեղ, քսուք, կամ ուտելիք՝ շրջեցաւ Արեւմտահայաստանի զանազան քաղաքներն ու գիւղերը, շրջանցելով՝ Լիբանանն ու Եգիպտոսը, ի վերջոյ մեր մեծ մայրերը Արեւմտահայաստանի ծնունդ էին, եւ ոչ՝ սփիւռքի: Այսպէս՝ բազմացան ոչ միայն դեղերը, այլեւ՝ նոյն դեղերուն տարբերակները...: Այս դեղերը մի քանի անգամ արժանացան նաեւ ներկայ բժիշկներուն եւ դեղագործներուն մանրամասն հաւաստիացումներուն կամ՝ կասկածանքին...:
Յայտագրին երկրորդ մասէն առաջ, Վրէժ Արմէն Արթինեան ընթերցեց Վիգէն Խեչումեանէն հետաքրքրական պատմուածք մը՝ «Սիրոյ դեղը»ը, ինչ որ ձեւով մը ամբողջացուց ֆիզիքականէն հոգեկանին անցքը:
Երկրորդ մասը յատկացուած էր նախապաշարումներու, աւանդական դարձած կենցաղային սովորոյթներու, սնոտիապաշտութեան: Ընկերուհին նախ սահմանեց «նախապաշարում» հասկացութիւնը. «հաւատալ թաքուն եւ գերբնական ուժերու եւ վախնալ անոնց ազդեցութիւններէն ու արդիւնքէն»:
Տրուած օրինակներուն մէջ գերիշխող էր սնոտիապաշտութիւնը, որ ըստ Մալխասեանի բառարանին՝ «առանց ստոյգ գիտութեան առաջուց կազմուած թիւր կարծիք, մանաւանդ՝ անհիմն հաւատալիքներ» է, եւ կու տայ մեր բոլորին ծանօթ ամսուն 13-ը ձախորդ օր համարելը:
Բաւական հարուստ էր նաեւ այս բաժինը, եւ ծիծաղաշարժ: Անցած են այդ ժամանակները, փոխուած են սերունդները, ուր վախը չէ գերիշխողը, եւ ուրեմն՝ որովհետեւ սնոտիապաշտութեան ակունքը վախն է, անհասանելի թուող լուծման միակ բանալին երեւակայութեամբ դժուարութիւններուն ու վախերուն դիմակայելն է, կեանքը կարելի դարձնելու համար: Ի դէպ՝ միմիայն մենք չէ որ ունինք նախապաշարումներ եւ հաւատալիքներ: Անոնց տարբերակները կարելի է գտնել քիչ մը ամէն տեղ, բայց ընդհանրապէս՝ արեւելեան կողմն աշխարհի: Նշուեցան Հնդկաստանն ու Չինաստանը, Մեքսիքականն ու Արաբական երկիրներն ու քիչ մըն ալ՝ Յունաստանը, եւայլն:
Ահաւասիկ մի քանին անոնցմէ.
- Երբ առջեւէդ կատու մը անցնի, ճամբադ փոխէ, որ օրդ գէշ չանցնի:
- Երեկոյեան տունը չեն աւլեր:
- Մկրատին բերանը բաց չեն ձգեր, թշնամիդ լեզու կ'ելլէ... քեզ կը բամբասէ:
- Ճաշասեղանին անկիւնը նստողները . 7 տարի չեն ամուսնանար, եւ այդ պատճառով ալ փոքրերը կը նստեցնեն անկիւնները:
- Երբ աջ ափը քերուի, դրամ պիտի ստանաս, երբ ձախը քերուի, պիտի ծախսես։
- Իսկ աչքի գալ, աչք դպչիլ, աչքով տալ նախապաշարումը ամենէն ընդհանրացած է:
Նախապաշարումներն ու անոնց տուն տուող պատճառներուն մասին կարծիքներ յայտնուեցան: Ընկհ. Մանճիկեանը սակայն, իրաւացիօրէն նշեց, թէ « եթէ մենք չար աչքի չենք հաւատար, եւ նման բան գոյութիւն չունի, հապա ինչո՞ւ Կիպրիանոս աղօթագիրքին մէջ, էջ 94-ի վրայ կը գտնենք հետեւեալ աղօթքը, որ վստահ եմ մեզմէ ոմանք երկիւղածութեամբ յաճախ կարդացած են - «Աղօթք վասն ական չարի եւ լեզուի չարի»: Կարճ բայց զօրաւոր աղօթք մը, ուր Աստուծմէ կը խնդրուի «տէր Աստուած պահեա՛ ի չար աչաց եւ ի չար լեզուէ ի սրոյ եւ ամենայն հարուածոց երեւելեաց եւ աներեւոյթից»: Եւ ան եզրակացուց ըսելով՝ «ուրեմն չար աչքէն ու չար լեզուէն, այդ գերբնական փորձանքէն աղօթելով է, որ կրնանք պաշտպանուիլ»: Եւ հարց կու տայ. «բայց միթէ կարելի՞է մեր առօրեան կապել աներեւոյթ թշնամիներու ու սարսափով ապրիլ այս կամ այն երեւոյթէն վախնալով... »:
«Սուրճ, թէյ եւ կարծիքներ»ու հաւաքոյթները պարբերաբար տեղի կ'ունենան: Հետաքրքրական են, եւ շատ հաճելի ու թեթեւ մթնոլորտի մէջ, ոչ միայն կ'ունկնդրենք, այլեւ՝ կարծիք կը յայտնենք, բան կը սորվինք ու քիչ մը աւելի զիրար կը ճանչնանք:
Վարդի Դանիէլեան