Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Շաբաթ 16 Մարտ 2024-ին, Լաթաքիոյ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով բեմ բարձրացաւ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի թատերախումբը ներկայացնելու «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ՝ Տիկին Նայիրի Կարճիկեան Մելքոնեանին, Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ թատերասէր հոծ լաթաքիահայութեան: