Նախաձեռնութեամբ Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Սանահին» մասնաճիւղի «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբին, Հինգշաբթի 27 Յունիս 2024-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ահարոնեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Մեր բոլորիս Ճեմարանը» խորագրով հանգանակային ձեռնարկը, ներկայութեամբ մեծամասնութեամբ Ճեմարանականներու։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի պատասխանատու Տիրուկ Մանճիկեան։ Գեղարուեստական բաժինին մէջ, ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին, Սբ. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբը երեք երգերով, ղեկավարութեամբ՝ Դալար Հարպոյեան Գալողլեանի եւ Անահիտ Թորոսեան Պալեանը՝ ասմունքով։
Սրտի խօսքերով առցանց հանդէս եկան Ճեմարանի Տնօրէն Փաուլա Եղիայեանն ու ԿՎ անդամ Հրայր Գէորգեանը ինչպէս նաեւ՝ ներկաներէն ԿՎ անդամ Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանը։
Ներկաները ապա վայելեցին Ճեմարանի 2024 հունձքի «Վերջին Զանգ» տեսերիզը, որմէ ետք կարգ մը ներկայ շրջանաւարտներ, բաժնեցին Ճեմարանի մասին իրենց տպաւորութիւններն ու յուշերը։
Աւարտին, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, յանձնախումբի անդամներուն եւ ներկաներուն, ապա յայտարարեց հաւաքուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն ընհանուր գումարը որն էր՝ $15.000 Գանատական տոլար, որ պիտի նպաստէ Կեդրոնական Վարչութեան կրթական եւ մշակութային ծրագիրներուն։ Ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով եւ խմբանկարով։