
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան ժամը 12:00, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի աւանդութիւն դարձած միջդպրոցական նկարչական մրցանքը, որուն 12 վարժարաններէ մասնակցող աշակերտները ընտրեցին առաջարկուած երեք նիւթերէն մէկը:
Այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Արշիլ Կորքի անունով ծանօթ եւ «Նկարիչը եւ Մայրը» հռչակաւոր գործի հեղինակ՝ 20-րդ դարու հայազգի մեծանուն գեղանկարիչ Ոստանիկ Ադոյեանի մահուան 120-ամեակին։
Աշակերտներու գծագրութիւններու արժեւորումը կատարեց դատական կազմը, որուն անդամներն էին արուեստագէտներ Ժագլին Օհանեան, Ժանէթ Յակոբեան, Գէորգ Ուլաշեան եւ Թոմ Եանկ։