ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

9 Սեպտեմբեր 2023-ին, Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ միջ-վարչական միօրեայ ժողովը, մասնակցութեամբ չորս մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններուն։ Առցանց միացան Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղի վարչական անդամներ եւ Համազգայինի ԿՎ Գանատայի մօտ ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեանը։
Մասնաճիւղերն ու Շրջանայինը իրենց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանակելէ ետք, միասնաբար ծրագրեցին յառաջիկայ տարուան աշխատանքները։
Յատուկ շնորհակալութիւն Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ տեղւոյս «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան իրենց սիրալիր ընդունելութեան համար։