Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 13 փետրուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայ անմահանուն բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի նուիրուած երեկոյ՝ ներկայութեամբ արուեստասէր մեծաթիւ հանրութեան:
Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ներկաները դիտեցին յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, ուր լիբանանահայ մտաւորական դէմքեր, տնօրէններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ գրասէրներ կþարտայայտեն Միսաք Մեծարենցի եւ անոր գործերուն մասին իրենց մտածումները, կարծիքներն ու գնահատումները:
Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին անունով արտասանեց Իրմա Տէտէեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութեան նպատակն է իւրաքանչիւրին մէջ վերակենդանացնել Մեծարենցի շունչն ու հոգին, որ օծուն է բալասանի բոյրով եւ ծիրանի լոյս նայուածքով:
Հանդիսութեան բանախօսն էր Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ յաւերժի լուսապսակով թագադրուած անմահները ծննդեան կամ մահուան կլոր թիւերու պէտք չունին, որպէսզի գրագէտներ, գրականագէտներ ու գրասէր շրջանակներ յատուկ ուշադրութեան եւ խոր քննարկման առարկայ դարձնեն իրենց վաստակը եւ վեր առնեն մեծարեալ գրողին գրականութեան հոգեմտաւոր աշխարհը:
Կիրակոսեան յայտնեց, որ հակառակ չորս տարիներու վրայ երկարած իր քերթողական կարճ կենսափորձին, իր մահէն 100 տարի ետք, Միսաք Մեծարենց նրբազգած գեղապաշտին բանաստեղծութիւնները կը կարդանք եւ պիտի շարունակենք կարդալ ճի°շդ այնպէս՝ ինչպէս երկինքը, անտառը, կրակը, արեւը, ծովը, զեփիւռն ու բողբոջին շշուկը կը կարդանք:
Ան նշեց, որ Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Նահապետ Քուչակի եւ Ակնայ բանահիւսութեան սքանչելի քնարերգութիւններուն թափանցիկ, շղարշային ու լուսածիծաղ աւանդներով ոսկիացած, եւրոպացի խորհրդապաշտ բանաստեղծներու քերթողական յաւելումներուն նոր արտայայտչաձեւերով ադամանդացած, «կարելի եղածին չափ ինքզինքս ըլլալու» որոշումով քերթողական նոր լեզու արարած Մ. Մեծարենց եղաւ ազնուօրէն բնութենապաշտ եւ քնարերգու:
Իր խօսքի աւարտին Սարգիս Կիրակոսեան հաստատեց, թէ Միսաք Մեծարենց, շնորհիւ իր աստուածատուր տաղանդին, յաջողեցաւ դառնալ գոյնի, բոյրի, լոյսի եւ ձայնի շռայլ մեծատուն եւ վկան ու փիլիսոփան ո°չ միայն իր ժամանակաշրջանին, այլեւ՝ բացարձակ ժամանակին:
Ապա Հերա Աճեմեան դաշնակով Շոփենէն նուագ մը ներկայացնելէ ետք Իրմա Տէտէեան ասմունքեց Միսաք Մեծարենցի «Անդարձ» եւ «Տո¯ւր ինծի, Տէ¯ր...» բանաստեղծութիւնները:
Գեղարուեստական յայտագիրին վերջին բաժինով ելոյթ ունեցան լիբանանահայ արուեստագէտներ Մանուկ Մինասեան եւ Գարմէն Աճեմեան, որոնք երգեցին «Երազի օրեր» երգը, իսկ Աճեմեան առանձնաբար երգեց «Սիրերգ»ը: Լիբանանահայ զոյգ երգիչներուն երգեհոնով ընկերակցեցաւ Սեդօ Պաղտասարեան:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյի մը սկաւառակները: Սկաւառակներուն մէջ տեղ գտած քերթուածները կþասմունքէ Իրմա Տէտէեան, երաժշտութիւններու ընտրութիւնը կատարած է Վահրամ Էմմիեան, իսկ ձայնագրութիւնը կը պատկանի Սթիւտիօ Սեդօ Պաղտասարեանին: