Վահէ Սէթեան տպարան

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօսներէն Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅԴ պատմութիւն» խորագրեալ զոյգ հատորներու միացեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ նախարարներու, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Համազգայինի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր կէտերը եւ այս առիթով խօսք առնող բանախօսներուն անունները: