Համազգայինի Նիկոսիայի «Յ․ Օշական» Մասնաճիւղի նոր տարեշրջանի առաջին Մշակութային Երեկոն, նուիրուած՝ Մեծն Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850- ամեակին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2024-ին։
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդը, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը, Լիմասոլի եւ Նիկոսիայի հոգեւոր հովիւները, ազգային մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բանալով յայտագիրը, Արթօ Դաւիթեան վարչութեան անունով ներկայացուց օրուան բանախօս Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանը, որ հմտօրէն պատրաստուած դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Մեծ Հայրապետին կեանքն ու վաստակը։
Սրբազանը նախ նկարագրեց Կիլիկոյ Թագաւորութեան ստեղծումին պայմանները եւ անոր զարգացումն ու ծաղկումը, շնորհիւ մտաւորական հոգեւորականներու փայլուն հոյլի մը, որուն մէջ իւրայատւկ տեղ ունի Ներսէս Դ․ Կլայեցի Կաթողիկոսը։
Կոմիտաս Սրբազան մէկ առ մէկ ներկայացուց այն հոգեւոր եւ մշակութային բնագաւառները, որոնց մէջ Շնորհալի իր ստեղծագործ հանճարով բարեկարգիչ դերակատարութիւն ունեցաւ։ Ան ըսաւ նաեւ, որ Ներսէս Շնորհալի իր բազմատաղանդ գործունէութեամբ կրնայ իրաւամբ Հայոց երկրորդ Լուսաւորիչը կոչուիլ։
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկդրեցին Սրբազան Հօր դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ երկու տեսանիւթեր՝ Շնորհալիի յօրինած շարական մը եւ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան մասին փոքր երիզ մը։
Երեկոն փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ հոգեշահ խօսակցութիւնը։