
Շաբաթ, 25 Փետրուար, 2023-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկը, որ նուիրուած էր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերներուն՝ Գէորգ Պուրսալեանի, Խաժակ Սարգիսեանի, Ժիրայր Սարգիսեանի, Եդուարդ Մսրլեանի, Էմմա Մելքոնեանի եւ Անուշաւան Գասպարեանի յիշատակին:
Քովիտի պարտադրած ընդհատումէն ետք, ներկաները անհամբեր էին վերսկսելու մշակութային կեանքին եւ ձեռնարկներուն: Անոնք մեծ հաճոյքով վայելեցին երիտասարդ մասնակիցներու երգի եւ պարի ելոյթները: Արդարեւ՝ Պըրքլիի հայ ուսանողական միութեան պարախումբի կողքին, ելոյթ ունեցան Ճերեմի Օրմպրէք, Նարէ Չանեան, Նիքոլ Տէր Սահակեան, Անթոնի Տեկոյեան եւ Լոռի Փանոսեան: Հանդիսատեսները մեծապէս գնահատեցին կատարողներուն ստեղծած ջերմ մթնոլորտը եւ խնդրեցին, որ այսպիսի երեկոներ հետագային ալ կազմակերպուին:
Յայտագրին սկիզբը, Լոռի Փանոսեանի կողմէ երգուեցան ամերիկեան եւ հայկական քայլերգերը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նայիրի Սարգիսի: Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ.Սապունճեան իր աղօթքին մէջ յիշեց ննջեցեալներու անունները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանն ու Արցախը:
Տիկին Սոնա Թոմոյեան ձեռնհասօրէն վարեց ձեռնարկը: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղը 1974-ին հիմնած ընկերներուն գործունէութիւնը: Այդ անձնուէր ընկերները մեծ զոհողութիւններով եւ անսակարկ նուիրումով ծառայած էին հայ մշակոյթին ու հայ Դատին: Իրենց մէջ կային երգիչներ, ռատիոժամի վարիչներ, թատերասէրներ ու հայ ժողովուրդին երազներուն նուիրուած համեստ զինուորներ: Անոնք այսօր կարօտով կը յիշուին:
Նարէ Չանեան դաշնակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Անտանթինո»ն եւ իր յուզիչ կատարողութեամբ գրաւեց ունկնդիրներուն սիրտերը:
Ճերեմի Օրմպրէք, տաղանդաւոր պատանի մը՝ հմայեց ներկաները Քլեմենթիի դաշնակի թիւ 6 Սոնաթի եւ Մոցարթի թիւ 8 Սոնաթի առաջին շարժումին տպաւորիչ կատարողութեամբ:
Տիկին Սոնա Թոմոյեան նոյնպէս հմայեց հանդիսատեսները առանց որեւէ նուագարանի ընկերակցութեան երգելով գիւղական ժողովրդական երգ մը՝ «Մշոյ գեղէն»: Այս պարզ երգին անուշ մեղեդին սրահը լեցուց գեղեցիկ քնարերգութեամբ:
Շնորհակալութիւն՝ Պըրքլիի հայ ուսանողական միութեան «Զարթօնք» պարախումբին, որ ներկայացուց «Շալախօ» պարը: Երիտասարդ պարողները խանդավառեցին ներկաները իրենց խրոխտ կեցուածքով եւ եռանդով: «Շալախո»յին յաջորդեց երաժշտական կատարողութիւն մը. Պըրքլիի ուսանողներ՝ Նիքոլ Տէր Սահակեան (դաշնակ) եւ Անթոնի Տեկոյեան (ջութակ), հրամցուցին բոլորին սիրելի «Բարի Արագիլ»ը: Ներկաները ուրախ էին, որ այս երիտասարդները փափաքած էին մաս կազմել գաղութային ձեռնարկի մը:
Համազգայինի վարչութեան անդամներ, ընկերներ՝ էդուարդ Խոդավերդեան (երգ) եւ Գագիկ Ղեւոնդեան (ձեռնադաշնակ) ներկայացուցին Սայաթ Նովայի «Ես մի ղարիպ պլպուլի պէս» եւ Աշուղ Շերամի «Սիրում եմ քեզ» աշուղական գեղեցիկ երգերը, որոնք ունկնդիրներուն սիրտերը ջերմացուցին:
Մշակութային երեկոն վերջ գտաւ Լոռի Փանոսեանի կողէ մեկնաբանուած «Երեւան Էրեբունի» եւ «Կիլիկիա» երգերով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի՝ Նայիրի Սարգիսի:
Շնորհակալութիւն կը յայնենք բոլո՛ր մասնակցողներուն, ներկաներուն եւ առատաձեռն նուիրատուներուն:
Հանդէսը վերջացաւ հիւրասիրութեամբ: